2013-08-06 11:21:28

Թեհրանի Մէջ. Հանդիպում` Հայաստանի Եւ Իրանի Նախագահներուն Միջեւ


Իրան տուած աշխատանքային այցելութեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ:
Հայաստանի նախագահին պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ հանդիպման սկիզբը Ռուհանի շնորհակալութիւն յայտնեց Սարգսեանին հրաւէրը ընդունելու եւ իր երդմնակալութեան արարողութեան մասնակցելու համար: Հայաստանի նախագահը անգամ մը եւս շնորհաւորեց իրանցի իր գործընկերը եւ մաղթեց բեղմնաւոր աշխատանք ու յաջողութիւն այդ բարձր եւ պատասխանատու պաշտօնին համար:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ ինչպէս երկկողմանի, նոյնպէս ալ բազմակողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ: Զրուցակիցները ընդգծեցին, որ հայ-իրանական համագործակցութեան օրակարգը բաւական հարուստ է եւ կը վկայէ շարք մը մեծ նախագիծերու իրականացման մասին: Գոհունակութիւն յայտնելով Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ձեւաւորուած աւանդական դարաւոր բարեկամութեան վրայ հիմնուած փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան բարձր մակարդակին համար` Սարգսեան եւ Ռուհանի ընդգծեցին այդ համագործակցութիւնը նոր եւ աւելի բարձր հանգրուանի հասցնելու անհրաժեշտութիւնը:
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ շրջանային խնդիրներուն, մասնաւորաբար` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթի ներկայ վիճակին:
Սերժ Սարգսեան եւ Հասան Ռուհանի ջերմութեամբ յիշեցին ազգային ապահովութեան խորհուրդներու քարտուղարներու մակարդակով իրենց հանդիպումները եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին նոյն ոգիով աշխատելու հայ-իրանական համագործակցութեան խորացման ուղղութեամբ:







All the contents on this site are copyrighted ©.